Հայ նկարիչ եւ ոսկերչ Արման Դաւթեան (ՆՈՒՐ), աշխարհի արուեստագետները կը կոչէ Արարատը իրենց տեսանկիւնէն մեկնաբանելու։ Երեք հարիւրէ աւելի դիմում ստացած նախաձեռնութեան առաջին ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի՝ ապա հաւաքածոն ծրագիր ունի տարբեր երկիրներու մէջ հանդիպիլու արուեստասէրներուն։
Հայ արուեստագէտ Արման Դաւթեան, արուեստի աշխարհին մէջ ծանօթ ՆՈՒՐ անուամբ, յայտարարեց Արարատը (Աղրի լեռը) կեդրոն ունեցող միջազգային փառատօնական նախաձեռնութիւն մը։ Տարբեր երկիրներէ մասնակցող արուեստագէտներու համար բաց այս նախաձեռնութիւնը նույն լեռը տարբեր արուեստական մեկնաբանութիւններով պիտի համախմբէ։
Առաջին կանգառը Հայաստան
Նախագիծի ծիրին մէջ ստեղծուելիք հաւաքածոն նախ Հայաստանէն պիտի սկսի ցուցադրուիլ։ Այս ցուցահանդէսով սկսելիք միջազգային շրջապտիտի յաջորդ կանգառներուն շարքին նախատեսուած են ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Իսպանիա։
Նկարերէն մինչեւ երաժշտութիւն տարածուող հրաւէր
ՆՈՒՐի հայտարարման համաձայն, նախագիծը ժամանակի ընթացքին տարբեր արուեստի ճիւղերու մասնակցութեամբ պիտի ընդլայնի։ Նկարիչներէն բացի, քանդակագործներ, դեկորատիւ եւ կիրառական արուեստի դաշտին մէջ գործող արուեստագէտներ, երաժիշտներ, գրողներ եւ բանաստեղծներ ալ պիտի հրաւիրուին նախաձեռնութեան։
Այսպիսով, Արարատը, մասնակիցներու սեփական արտայայտութեան ձեւերով մշակուած ընդհանուր արուեստային թեմայի մը սահմաններուն մէջ, նկարէն քանդակ, երաժշտութենէն գրականութիւն հասնող գործերու մէջ պիտի մեկնաբանուի։