Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանն իր Յունաստան այցելութեան ծիրէն հանդիպեց Թեսաղոնիկէի Մէտրոպոլիտ Ֆիլոթէոսի հետ։ Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայ Առաքելական եւ Յունաց Ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ քոյրական յարաբերութիւնները։
Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանը վերջին օրերուն չորսօրեայ այցելութիւն մը իրականացուց Յունաստանի հիւսիս։ Խաչատուր Չոլաքի եւ անոր որդի Արի Չոլաքի հիւրն էր Աթէշեան, որու ծրագիրը հիմնականօրէն Թեսաղոնիկէ եւ շրջակայքէն ներս շարունակուեցաւ։
Այցելութեան ծիրէն, Յունաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թեսաղոնիկէի Մէտրոպոլիտ Ֆիլոթէոսը ընդունեց Արքեպիսկոպոս Աթէշեանին, եւ փոխանակուեցան դիտարկումներ Քրիստոնէական աշխարհի օրակարգին վերաբերող տարբեր հարցերու շուրջ։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւորականները արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնը Հայ Առաքելական եւ Յունաց Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող դրական յարաբերութիւններէն։ Հանդիպումը ավարտեցան փոխադարձ յուշի նուէրների յանձնմամբ։
Տարածաշրջանային իր ծրագիրին ընթացքին Արքեպիսկոպոս Աթէշեանը այցելեց նաեւ Անթիլիասին պատկանող Յունաստանի Հայոց Հոգեւոր Առաջնորդութեան ենթակայ Սուրբ Ասդուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցի։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Առաջնորդքահանա Եղիա Մալխասեանի հիւրընկալութեամբ, Աթէշեան հոն ուխտային աղօթք բարձրացուց եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները Առաջնորդքահանա Մալխասեանին։