Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 10:01 Երեւան 11:01
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Երիտասարդ Ձայն

Աշակերտներու Անգլերէնի յաջողութիւնը Քէյմբրիջի սերտիֆիքատներով պսակուեցաւ

Քէյմբրիջ Անգլերէն քննութիւններուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, միջազգային վաւերականութիւն ունեցող սերտիֆիքատներ ստանալու իրաւունքին արժանացան։

Աշակերտներու Անգլերէնի յաջողութիւնը Քէյմբրիջի սերտիֆիքատներով պսակուեցաւ
Քէյմբրիջ Անգլերէն քննութիւններուն մասնակցած նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, իրենց յաջող արդիւնքներով միջազգային վաւերականութիւն ունեցող սերտիֆիքատներու արժանացան։ Դպրոցի վարչակազմը աշակերտները շնորհաւորեց եւ Անգլերէնի ուսուցիչներուն շնորհակալութիւն յայտնեց։

Նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, Անգլերէնի լեզուական կարողութիւնները գնահատող Քէյմբրիջ Երիտասարդ Սովորողներու Անգլերէն եւ Քի Ինգլիշ Թեսթ (ՔԵԹ) քննութիւններուն մէջ յաջողութիւն արձանագրեցին։

Դպրոցի տարածած յայտարարութեան համաձայն աշակերտները, մասնակցելով Երիտասարդ Սովորողներու Անգլերէն ծրագրի Սթարթըրս, Մուվըրս եւ Ֆլայըրս մակարդակներուն, ինչպէս նաեւ ՔԵԹ քննութեան, արժանացան միջազգային վաւերականութիւն ունեցող սերտիֆիքատներու։

Յայտարարութեան մէջ, աշակերտներ Պուրաք Կ., Սարին Ատա Ա., Ռալֆ Պուրաք Տ., Եվա Կ., Յուսուֆ Ա. եւ Լիա Լուսին Ջ., ինչպէս նաեւ դպրոցի շրջանաւարտներէն Մատիաս Մուրատ Դ., իրենց յաջողութիւններուն համար շնորհաւորուեցան։ Աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները դպրոցական համայութեան համար հպարտութեան աղբիւր նկատուեցան։

Աշակերտներու պատրաստութեան ընթացքին ներդրում ունեցած Անգլերէնի ուսուցիչներ Մարգրիտ Նըշան, Ասդղիկ Բալըքճիօղլու, Նարօդ Քըյմազ եւ Իրէն Տիւվենճիի ալ իրենց ջանքերուն եւ նուիրեալ աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ։