Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 09:54 Երեւան 10:54
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Համայնք

«Դադեան»ին մէջ Հերմինէ Բենլիօղլուի յիշատակին նուիրուած երաժշտական երեկո

Դադեան Վարժարանին օգտին, Հերմինէ Բենլիօղլուի յիշատակին նուիրուած «Երգերով թող փայլի մեր մշակոյթը» համերգը երաժշտասէրները մէկտեղ հաւաքեց։

«Դադեան»ին մէջ Հերմինէ Բենլիօղլուի յիշատակին նուիրուած երաժշտական երեկո

Դադեան Վարժարանին օգտին կազմակերպուած «Երգերով թող փայլի մեր մշակոյթը» համերգը, հանգուցեալ Հերմինէ Բենլիօղլուի յիշատակին նուիրուած, մէկտեղ հաւաքեց արուեստագէտներն ու երաժշտասէրները։

Դադեան Վարժարանին Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած «Երգերով թող փայլի մեր մշակոյթը» վերնագրով համերգը տեղի ունեցաւ 2026-ի Հոկտեմբեր 25, Կիրակի երեկոյեան, վարժարանին «Տիգրան Կիւլմեզգիլ» Արարողութիւններու Սրահին մէջ։ Հանգուցեալ Հերմինէ Բենլիօղլուի յիշատակին նուիրուած իրագործումին մեծ թիւով հրաւիրեալներ մասնակցեցան։

Մշակութային Յանձնախումբի նախագահ Հերմինէ Չինար իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ հայկական երգերը կարեւոր դեր ունին մշակութային ժառանգութիւնը ապրեցնելու եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու մէջ։ Չինար շնորհակալութիւն յայտնեց համերգի իրականացմանը նպաստած բոլորին։

Երեկոյին բեմ ելած Արի Բարութօղլուին եւ Տատիանա Բոստանի, ընկերակցեցան Արի Ալըճեանն ու անոր նուագախումբը։ Արուեստագէտներուն մատուցած խանդավառ երգերը արժանացան ունկնդիրներուն բարձր գնահատանքին։

Դադեան Վարժարանին օգտին իրականացուած համերգէն ետք, Մշակութային Յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւորաբար ներդրում բերած Արի Բարութօղլուի, Տատիանա Բոստանի, Արի Ալըճեանի եւ Սեւան Ինէաբանին։