Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 10:01 Երեւան 11:01
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Երիտասարդ Ձայն

Էսայեան վարժարանի աշակերտները ժամանակակից արուեստի հետքերով. Յիշողութիւն, Կասկած եւ Ճակատագրեր

Էսայեան Վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Տաւիթ Սաուդերի «Տրիպտիխ. Յիշողութիւն, Կասկած եւ Ճակատագրեր» ցուցահանդէսը։

Էսայեան վարժարանի աշակերտները ժամանակակից արուեստի հետքերով. Յիշողութիւն, Կասկած եւ Ճակատագրեր

Էսայեան Վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտները, այցելելով Տաւիթ Սաուդերի «Տրիպտիխ. Յիշողութիւն, Կասկած եւ Ճակատագրեր» ցուցահանդէսը, առիթ ունեցան խորհելու տեխնոլոգիայի, յիշողութեան եւ իրականութեան միջեւ կապի մասին։

Էսայեան Վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտները շրջեցէին Տաւիթ Սաուդերի «Տրիպտիխ. Յիշողութիւն, Կասկած եւ Ճակատագրեր» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ կը հիւրընկալուէր Սէն Պենուա Ֆրանսական Վարժարանի պատմական եկեղեցւոյ մէջ եւ կը դիմաւորէր արուեստասէրները։

Տեխնոլոգիա, յիշողութիւն, տեսողական ընկալում եւ իրականութիւն փոխյարաբերութիւնը տարբեր նայուածքով ներկայացնող ցուցահանդէսը աշակերտներուն հնարաւորութիւն տուաւ բացայայտելու ժամանակակից արուեստը եւ մեկնաբանելու ստեղծագործութիւնները։ Այցելութեան ընթացքին աշակերտները հանդիպեցան արուեստի մտածել տուող եւ հարցադրելու մղող կողմին։

Էսայեան Վարժարանը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ աշակերտները հաճելի օր մը անցուցին արուեստի հարցադրող աշխարհին մէջ։