
Գարակէօզեան Վարժարանի ուսուցիչները, Թարգմանչաց Հայ Վարժարանի հիւրընկալած համաժողովին մէջ ներկայացան հայերէնի ուսումնական ծրագրի մշակման եւ լեզուի իւրացումը խթանող կրթական մօտեցումներու իրենց փորձառութիւններով։
Մասնաւոր Թարգմանչաց Հայ Վարժարանին կողմէ այս տարի երրորդ անգամ կազմակերպուած «Ուսուցչէն Ուսուցչի՝ Լաւ Օրինակներու Կիսում» Համաժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբերի 7-ին։ «Արմատներէն զօրացող, ապագան ձեւաւորող դպրոց» թեմայով կայացած հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Գարակէօզեան Վարժարանէն ուսուցիչներ եւ պատասխանատուներ։
«Կիսուելով զօրացի՛ր, միասին սորվի՛ր» ըմբռնումով իրականացուած համաժողովին ընթացքին կրթականներուն կողմէ տարբեր ոլորտներու աշխատանքներն ու դասարանային կիրարկումներուն վերաբերեալ փորձառութիւնները բաժնուեցան իրենց գործընկերներուն հետ։
Հայերէնի ուսումնական ծրագիր եւ լեզուի իւրացումին վերաբերող բաժնումներ
Հայերէնի ուսումնական ծրագրի մշակման գործերուն մէջ ակտիվ դեր ունեցող Գարակէօզեան Վարժարանի ուսուցիչներէն Տանյա Չաթաք եւ Տաթյա Մարաշլեան, մասնակցած պանելի ընթացքին ներկայացուցին այս գործընթացին մէջ ստացած իրենց փորձառութիւնները։
Ուսուցիչ Ալվին Տիքմէ Պաքըրճըօղլու մըլլաւ Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած «Զարմանազան» ճամբարին փորձառութիւններէն մեկնելով՝ լեզուի իւրացումը խթանող մօտեցումները։ Ան նաեւ բաժնուեցաւ, թէ ինչպէս այս մօտեցումները կրնան հարմարուիլ դասարանային միջավայրին։
Գարակէօզեան Վարժարանին հաղորդագրութեան մէջ նշուեց, թէ համաժողովը նպաստած է գործընկերներու միջեւ փորձառութիւնների փոխանակման, միասին սորվելու եւ կրթական կիրառութիւններու զարգացման։ Հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնուեց հիւրընկալ Թարգմանչաց Հայ Վարժարանին, կազմակերպութեան համար աշխատած անձանց եւ իրենց փորձառութիւնները բաժնող կրթականներուն։
