
Գարակէօզեան Վարժարանի մանկապարտէզի «Ծաղիկ» դասարանի աշակերտները, Էմիրեանի Պուրակին մէջ դիտեցին աշնան բնութեան մէջ յառաջացուցած փոփոխութիւնները։ Հաւաքած բնական նիւթերով դպրոց վերադառնալէն ետք պատրաստեցին ծառի կոլաժ մը։
Գարակէօզեան Վարժարանի մանկապարտէզի «Ծաղիկ» դասարանի աշակերտները, աշնան եղանակին բնութեան մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները մօտէն ճանչնալու նպատակով մասնակցեցին Էմիրեանի Պուրակ կազմակերպուած շրջայցի։
Շրջայցի ընթացքին ուսումնասիրելով թափող եւ միշտ կանաչ ծառերը՝ ուսանողները հաւաքեցին տերեւներ, կոներ, ճիւղեր եւ կաղիններ։ Կտրուած ծառերու կոթուններուն վրայի տարիօղակները եւս ուսումնասիրած երեխաները դիտեցին պուրակին մէջ գտնուող սկիւռներու շարժումները։
Դպրոց վերադարձած աշակերտները, շրջայցի ընթացքին հաւաքած բնական նիւթերով պատրաստեցին ծառի կոլաժ մը՝ իրենց դիտարկումները փոխադրելով դասարանային աշխատանքներուն մէջ։