Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 09:22 Երեւան 10:22
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Աշխարհէն

Գուայակիլի մէջ պատարագի ընթացքին դառն պատահար. Քահանա Պատրիսիօ Սանչեսը իր կեանքը կորսնցուց

Էկվադորի Գուայակիլ քաղաքին մէջ քահանա Պատրիսիօ Ալֆրեդօ Սանչես Մոլինարին, պատարագը առաջնորդելու ընթացքին իր վրայ փայտէ խաչի մը իյնալու հետեւանքով կեանքէն զրկուեցաւ։

Գուայակիլի մէջ պատարագի ընթացքին դառն պատահար. Քահանա Պատրիսիօ Սանչեսը իր կեանքը կորսնցուց

Էկվադորի Գուայակիլ քաղաքին մէջ քահանա Պատրիսիօ Ալֆրեդօ Սանչես Մոլինարին, պատարագը առաջնորդելու ընթացքին իր վրայ փայտէ խաչի մը իյնալու հետեւանքով մահացաւ։ Սոցիալական ցանցերու վրայ ուղիղ հեռարձակուած պատարագին ընթացքին պատահած վթարի պատճառը դեռ բացայայտուած չէ։

Էկվադորի Գուայակիլ քաղաքին «Նուեստրա Սենյորա դել Պերպետուօ Սոկոռո» Եկեղեցւոյ մէջ, 2026 թուականի Հոկտեմբերի 17, Շաբաթ երեկոյեան կատարուած պատարագին ընթացքին մահացու պատահար մը տեղի ունեցաւ։ Սեղանի ետեւի մեծ փայտէ խաչը տեղէն պոկուելով ինկաւ պատարագը առաջնորդող քահանա Պատրիսիօ Ալֆրեդօ Սանչես Մոլինարիի վրայ։ Քահանան տեղի ունեցածին հետեւանքով կեանքը կորսնցուց։

Ուղիղ հեռարձակման պատկերներուն մէջ արտացոլուած այս պատահարէն ետք, եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղող հաւատացեալները շտապեցին քահանային օժանդակելու։ Խաչը ինչու տեղէն դուրս եկաւ՝ մասին առայժմ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն տեղի չունեցած է։

Գուայակիլի Արքեպիսկոպոսութիւնը յայտնեց Սանչես Մոլինարիի մահը եւ իր ցաւակցութիւնը փոխանցեց ընտանիքին, մերձաւորներուն եւ իր պատկանած «Ամենասուրբ Փրկչի Միաբանութեան» (Ռեդեմպտորիսթներ)։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ աղօթք կը մատուցուի քահանային հոգւոյն խաղաղութեան համար։

Տեղական մամուլը փոխանցեց, որ քահանան վերջերս տարածուած մէկ խօսքին մէջ անդրադարձած էր կեանքի անցողիկութեան՝ շեշտելով Աստուծոյ եւ ընտանիքին ժամանակ տրամադրելու կարեւորութիւնը։ Սակայն այս խօսքերը պատահարէն անմիջապէս առաջ ըսուած ըլլալը դեռ չէ հաստատուած։