Չեռնոգորիոյ մէջ կատարուած Երիտասարդներու Եւրոպայի առաջնութեան ժամանակ Հայաստանը 50 քիլոյ մէջ ներկայացնող Հակոբ Շարբաթեան՝ եզրափակիչին մէջ իր ռումին մրցակից Ալեքսանդրու Բութանը 3-2 հաշիւով պարտութեան մատնելով՝ հասաւ ոսկէ մեդալի։ Հայաստանի բռնցքամարտի ֆեդերացիան հաղորդեց մարզիկի յաջողութեան մասին։
Լուրին մէջ յայտնուած է՝ որ Շարբաթեանի յաղթանակէն ետք սրահին մէջ բողոքներ բարձրացած են՝ իսկ ռումին խումբը բողոքարկած է դատաւորական որոշումը։
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ Ռոմիկ Հարութիւնեանն ալ 66 քիլոյի եզրափակիչին մէջ 1-4 հաշիւով զիջեց իտալացի Ռաուլ Բարոյիին՝ եւ նուաճեց արծաթէ մեդալ։
Երիտասարդ ազգային հաւաքականէն Էդուարտ Կարամեանն ալ մրցաշարը բրոնզէ մեդալով աւարտեց։ Տեղեկատուութիւնը հիմնուած է «Էրմենիհաբեր»-ի մէջ հրապարակուած լուրին վրայ։