Հայաստանի Ֆինանսներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեան, Բուն Թի-Վիի ծրագիրի մը մասնակցելով, ըսաւ թէ պատգամավորներուն հետ կը քննարկուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հարկային արտօնութիւններուն վերաբերող կարգաւորման նախագիծ։
«Եկեղեցին ալ պէտք է հարկ վճարէ, ինչպէս բոլորն» ըսող Յովհաննիսեան նշեց, որ կը դիտարկուի նաեւ գանձուելիք հարկերը ետ վերադարձնել եկեղեցւոյ՝ անոր ծրագիրներն ու գործունէութիւնները աջակցելու նպատակով։ Ան շեշտեց, որ այս փոխանցումը իրականացնելու համար առանձին կարգաւորում ալ պիտի հարկուի։
Նախարարը պնդեց, որ առաջարկին նպատակը պետական բիւճէի եկամուտները ավելցնեշ չէ։ Յիշեցուց, որ եթէ եկեղեցին իրականացնէ պետութեան եւ հասարակութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագրեր, ապա կարող է քննարկուիլ նաեւ եկեղեցւոյ վճարած հարկէն աւելի մեծ ֆինանսական օժանդակութիւն տրամադրելու տարբերակը։
Որոնք գործունէութիւնները պիտի ներառուի՝ դեռ անյայտ
Հնարաւոր հարկման ոլորտներէն իբրեւ օրինակ Յովհաննիսեան մատնանշեց կրօնական պարագաներու եւ այլ առեւտրային գործունէութիւններու վաճառքը, սակայն վերջնականացուած ցանկ մը չներկայացուց։ Ան ըսաւ, որ առաջարկին ընդհանուր շրջանակը սահմանուած է, մինչ գործնական մեխանիզմները կը շարունակուին մշակուիլ։
Եկեղեցւոյ գործող հարկային արտօնութիւնները սահմանափակուած են որոշ ոլորտներով։ Պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները կարգաւորող 2007 թուականի օրէնքը՝ նուէրները, ուխտերը եւ կրօնական արարողութիւններուն օգտագործուող պարագաներու արտադրութիւնն ու վաճառքը կը ազատէ հարկերէ։ Հարկային Օրէնսգրքին մէջ եւս գոյութիւն ունին ԱԱՀ-ի ազատումներ կրօնական արարողութիւններու ծառայութիւններու եւ որոշ կրօնական պարագաներու վաճառքներու համար։ Այս դրոյթները չեն նշանակեր, թէ եկեղեցին ամբողջովին ազատ է բոլոր հարկերէ։
Կառավարութիւն-եկեղեցի լարուածութիւնը կը շարունակուի
Հարկային քննարկումը օրակարգ բարձրացաւ այն ժամանակաշրջանին, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան եւ եկեղեցւոյ ղեկավարման միջեւ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Փաշինեան նախապէս բազմիցս կրկնած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի նկատմամբ պաշտօնաթողութեան կոչերը։
Վարչապետութեան կողմէ Սեպտեմբեր 24-ին հրապարակուած զեկոյցին մէջ ընդգրկուած էին եկեղեցւոյ ֆինանսական թափանցիկութեան եւ անոր գույքերու օգտագործման վերաբերեալ պնդումներ։ Քրիսչըն Սոլիդարիթի Ինթըրնեշընըլ-ը սակայն ընդդիմացաւ զեկոյցի պնդումներուն եւ կառավարական միջամտութեան՝ շեշտելով, որ հոգեւոր առաջնորդութեան փոփոխութիւնը եկեղեցւոյ ներքին հարցն է։
Յովհաննիսեան հարկային կարգաւորումին համար յստակ ժամանակացոյց մը չտուաւ։ Ան ըսաւ, որ առաջարկը պէտք է հանրային քննարկումի դրուի եւ կարճ ժամանակի մէջ կիրառութիւնը քիչ հաւանական նկատեց։