Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 09:22 Երեւան 10:22
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Մարզանք

Հայկ Մարտիրոսեանն յաղթեց աշխարհի թիւ մէկ Մագնուս Կառլսէնին

Հայ գրոսմայսթըր Հայկ Մարտիրոսեան, Պուդապեշտի մէջ սպիտակ խաղաքարերով պարտութեան մատնեց աշխարհի թիւ մէկ Մագնուս Կառլսէնը։

Հայկ Մարտիրոսեանն յաղթեց աշխարհի թիւ մէկ Մագնուս Կառլսէնին

Հայ գրոսմայսթըր Հայկ Մարտիրոսեան, Պուդապեշտի մէջ նախկին աշխարհի չեմփիոն Մագնուս Կառլսէնը պարտութեան մատնեց։

Ունգարիոյ մայրաքաղաք Պուդապեշտի մէջ անցկացուած «Թոթըլ Չես Ուորլդ Չեմփիանշիփ Թըր Փայլըթ 2026» մրցաշարին, Հայկ Մարտիրոսեան Նորվէգացի գրոսմայսթըր Մագնուս Կառլսէնի դէմ հաղթանակ արձանագրեց։ Հայաստանի Շախմատի Ֆեդերացիայի տեղեկութեամբ՝ Մարտիրոսեան խմբային փուլի երրորդ զոյգաւորման առաջին խաղը սպիտակ խաղաքարերով շահեց։

Նոյեմբերի 13-ին կայացած մրցավէճին Մարտիրոսեան, կազմակերպած յարձակումով կարողացաւ ճեղքել մրցակցի պաշտպանութիւնը։ Այս արդիւնքը եղաւ Կառլսէնի առաջին պարտութիւնը «Ֆասթ Քլասսիք» խմբային փուլին մէջ իր անընդմէջ չորս ոչ-ոքիերէն ետք։

Երկու շախմատիստները գոյները փոխելով խաղացած երկրորդ հանդիպումը ի վերջոյաւարտեցաւ ոչ-ոքիով։ Այսպէսով՝ Կառլսէնի դէմ երկու խաղերէն չորս միաւոր հաւաքած Մարտիրոսեան, երրորդ օրը աւարտելէն ետք ընդհանուր 10 միաւորով «Ց» խմբակին մէջ դարձաւ միանձնյա առաջատար։ Մրցաշարի այս փուլին՝ յաղթանակին երեք, իսկ ոչ-ոքիին մէկ միաւոր կու տան։

«Չեսբէյզ»-ի լուրերուն համաձայն, այս մրցավէճը Մարտիրոսեան–Կառլսէն զոյգին դասական շախմատի շրջանակներուն մէջ գնահատուող առաջին հանդիպումն էր։ Մարտիրոսեան, մրցումէն ետք, նշեց որ միշտ երազած է Կառլսէնի դէմ դասական շախմատ խաղալ, իսկ այս յաղթանակը իրեն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի։