Ալեքսանդրովի Ռուս Կարմիր Բանակի Երգչախումբը եւ Պարի Անսամբլը՝ 130 հոգիէ բաղկացած կազմով, կը պատրաստուին վերստին նոյն բեմին վրայ հիւրընկալել Հայքօ Ճեպքինը։ Համերգներուն ընթացքին՝ Ռուս եւ Թուրք երաժշտութիւններէն գործերուն կողքին, Ճեպքինի երգերը եւս միասին պիտի կատարուին։
Ալեքսանդրովի Ռուս Կարմիր Բանակի Երգչախումբը եւ Պարի Անսամբլը Հայքօ Ճեպքինին հետ միաւորող համերգները՝ կազմակերպութեան յայտարարութեան համաձայն, բարձր պահանջարկի պատճառով վերստին հանդիսատեսի հետ պիտի հանդիպին։
130 հոգիէ բաղկացած երգչախումբն ու պարի անսամբլը ներգրաւող ծրագիրին մէջ՝ Ռուս եւ Թուրք երաժշտութիւններէն ընտրուած գործեր պիտի կատարուին։ Իսկ ռեպերտուարինաւելցուած Հայքօ Ճեպքինի երգերը բեմ պիտի բարձրանան արուեստագէտին եւ անսամբլին համատեղ մեկնաբանութեամբ։
Երգչախումբի կազմաւորումները եւ պարի ցուցադրութիւնները Հայքօ Ճեպքինի ինքնատիպ վոկալի եւ բեմական կատարումին հետ մէկտեղող համերգները տարբեր երաժշտական աւանդոյթներու հանդիպման հարթակ պիտի դառնան։