«Էփիֆոնի» կազմակերպութեամբ իրականացուած շրջագայութիւնը սկսաւ 11 Սեպտեմբերին Անկարա ODTÜ Vişnelik-ին մէջ տրուած համերգով։ Շրջագայութեան յաջորդ կայանները պիտի ըլլան Պուրսա, Իզմիր, Անթալիա, Սամսուն, Ադանա եւ Գազիանթէպ։ «ELECTRIC» շրջագայութեան աւարտը սակայն պիտի իրականացուի 24 Հոկտեմբերին Ստամբուլ KüçükÇiftlik Park-ին մէջ։
Երաժշտութենէն բացի՝ տեսողական բեմական փորձառութիւն
Հայկօ Ջէփքինի տարիներ շարունակ տեւած թատերական բեմական ընկալումը աւելի բարձր տեմփով արտադրութեան մը հետ միացնող «ELECTRIC»-ը, ոչ միայն երաժշտական կատարումին, այլեւ տեսողական պատմութեան կը կեդրոնանայ։
Բարձր տեմփով մշակումներու, զօրեղ կիթառի տոններու, լոյսի ձեւաւորման եւ բեմական պատկերներու միաւորումով կազմուած ծրագիրին մէջ Ջէփքին իր կարիերայի տարբեր շրջաններու գործերը նոր բեմական կառուցուածքով կը ներկայացնէ։
Իր ինքնատիպ վոկալով, թատերական պատմումով եւ հանդիսատեսին հետ հաստատած ուղիղ հաղորդակցութեամբ իր համերգները բեմական ցոյցի կը վերածող արուեստագէտը, «ELECTRIC» ծրագիրին մէջ ռոքի կոշտ տոնները կը միացնէ տեսողական արտադրութեան հետ։
«ELECTRIC» շրջագայութեան ժամանակացոյց
11 Սեպտեմբեր – Անկարա | ODTÜ Vişnelik
17 Սեպտեմբեր – Պուրսա | Açıkhava
19 Սեպտեմբեր – Իզմիր | Havagazı Fabrikası
26 Սեպտեմբեր – Անթալիա | Bahçe Açıkhava
3 Հոկտեմբեր – Սամսուն | Doğupark Amfi Tiyatro
16 Հոկտեմբեր – Ադանա | Mimar Sinan Açıkhava
17 Հոկտեմբեր – Գազիանթէպ | Mavera Açıkhava
24 Հոկտեմբեր – Ստամբուլ | KüçükÇiftlik Park