


Ագոսի Սեբաթ Ապարթմանի մէջ գտնուող հին գրասենեակին մէջ ստեղծուած 23,5 Հրանտ Դինք Յիշատակի Վայրը, Դինքի կեանքը, լրագրագործութիւնը եւ արդարութեան պայքարը կը բերէ այցելուներուն առջեւ։ Փաստաթուղթերու, վկայութիւններու եւ արուեստի ստեղծագործութիւններու միջոցով ձեւաւորուած վայրը, անցեալին հետ դիմատես ընելու առիթ տալով՝ կը հրաւիրէ մտածելու միասին ապրելու հնարաւորութիւններու մասին։
Պոլսոյ Օսմանպէյ թաղամասին Սեբաթ Ապարթման շէնքը առանձնայատուկ տեղ ունի հայ համայնքի եւ Թուրքիոյ հասարակական յիշողութեան մէջ։ Ագոսի հիմնադիրն ու Գլխաւոր Խմբագիր Հրանտ Դինքը աշխատած եւ 19 Յանուար 2007-ին շէնքը դիմաց սպաննուած ըլլալուն վայրը, այսօր իբրեւ յիշատակի վայր կը փոխանցէ անոր մտքերը եւ պաշտպանած արժէքները։
Հրանտ Դինք Հիմնարկութեան աշխատանքներով կեանքի կոչուած 23,5-ը իր դռները բացաւ 2019-ին։ Ագոսի նախկին աշխատանքային տարածքներուն մէջ ստեղծուած այս վայրին մէջ Դինքի կենսագրութիւնը կը դիտարկուի միաժամանակ հայ համայնքի փորձառութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան պայքարին եւ հասարակական խաղաղութեան փնտռտուքին հետ։
Վայրին անունը կու գայ Դինքի «23,5 Նիսան» խորագիրով գրութենէն, որ լոյս տեսած է Ագոսի 23 Ապրիլ 1996-ի թիւին մէջ։ Այս անունը կը միացնէ 23 Ապրիլի Ազգային Իշխանութեան եւ Մանկանց Տօնի խանդաւառութիւնը 24 Ապրիլի Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրուան ընկալուող տխրութեան հետ՝ արտայայտելով մոտեցում մը, որ կը յաւակնի տարբեր յիշողութիւններու միջեւ փոխըմբռնում զարգացնել։
Այցելութեան ուղեգիծին կեդրոնին մէջ կը կանգնի Դինքի սեփական ձայնը եւ անոր պատմախօսութիւնները։ Անոր գործասենեակը դասաւորուած է կացութեան այն շրջանին մօտեցուած ձեւով, երբ ան սպաննուեցաւ, իբրեւզի այցելուները կարողանան մտերմանալ անոր առօրեայ աշխատանքային միջավայրին հետ։
«Ատլանտիս Քաղաքակրթութեան» Սենեակը կը տանի դէպի Քեմփ Արմէն անցած մանկութեան տարիները եւ Ռաքէլ Դինքի հետ ծանօթութեան պատմութիւնը։ «Աղաւնու Տագնապը» Սենեակը կը պատմէ Դինքի թիրախացուիլը եւ իր դէմ բացուած դատավարութիւնները՝ փաստաթուղթերով, տեսանիւթերով եւ թերթային լուրերով։ «Արդարութեան Որոնման» Սենեակին մէջ ներկայացուած են սպաննութեան, դատական ընթացքին եւ յիշատակման ձեռնարկներուն վերաբերող վկայութիւններ։
Ագոսի հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ արխիւը նոյնպէս այս պատմութեան կարեւոր բաղադրիչներն են։ Թերթի էջերը տեսանելի կը դարձնեն, թէ ինչպէս հայ համայնքի հարցերը հասած են հանրային ոլորտ, եւ ինչպէս տարբեր խաւերու միջեւ երկխօսութիւն մը ստեղծուած է։ Արտիստ Սարգիսի «Աղ եւ Լոյս» տեղադրութիւնը այցելուներուն համար յիշելու եւ խորհելու տարածք մըն է։
23,5-ի կայացման մօտեցման մէջ կայ Դինքի կեանքէն մեկնած՝ մարդու իրաւունքներու, հաւասարութեան եւ արդարութեան շուրջ գիտակցութիւն ստեղծելու նպատակադրումը։ Յիշատակի այս վայրը կը միտի անոր ապագային նայող յոյսը եւ համակեցութեան կոչը զօրացնել ու զայն փոխանցել նոր սերունդներու։