«HUYS» Միութիւնը, Թոփքափու «Լեւոն Վարդուհեան» Նախակրթարանի խնդրանքով իրականացուած այցելութեան ընթացքին, առաջին դասարանին մէջ ուսանող ներառական կրթութեան աշակերտի կրթական ընթացքը եւ անհատական կարիքները գնահատեց։
«HUYS» Միութիւնը, ներառական կրթութեան աշակերտներու կրթական ընթացքները օժանդակելու նպատակով իրականացուող իր աշխատանքներու շրջանակին մէջ այցելեց Թոփքափու «Լեւոն Վարդուհեան» Նախակրթարան։ Դպրոցի խնդրանքով կատարուած այցելութեան ընթացքին, առաջին դասարանի աշակերտի դասարանային միջավայրէն ներս մասնակցութիւնը եւ կարիքները դիտարկուեցան։
Դիտարկման ընթացքին աշակերտի ակադեմական կարողութիւնները, ուշադրութիւնը եւ հրահանգներու հետեւումը, հաղորդակցական կարողութիւնները, սոցիալական փոխազդեցութիւնը եւ դասարանին ներս վարքագիծը բնական կրթական միջավայրին մէջ գնահատուեցան եւ քննարկուեցան։
Դասարանի ուսուցիչին եւ դպրոցի առնչուած բաժիններուն հետ ալ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Աշակերտի կրթական ընթացքը աւելի արդիւնաւէտ եւ աջակցիչ կերպով շարունակուելու համար գնահատումներ կատարուեցան։
«HUYS»-ը, այցելութեան մասին իր պարզաբանման մէջ շեշտեց ներառական կրթութեան աշակերտներու համար կրթութեան մէջ հաւասար հնարաւորութիւններու մուտք ունենալուն եւ անոնց անհատական կարիքները նկատի առնուելուն կարեւորութիւնը։ Միութիւնը նշեց, որ կրթական գործընթացները պէտք է աջակցուին՝ հիմնուելով աշակերտներու ուժեղ կողմերուն վրայ։