Չանցնող հազով եւ արագ քաշի կորստով հիւանդանոց դիմած քառասուն մէկ տարեկան Մեհմեթ Փոլաթի թոքին մէջ գտնուած կասկածելի լեզիոնը պարզուեցաւ որ շնչուղի ինկած ոսկորի կտորին եւ շրջանին մէջ զարգացած հիւսուածքին պատճառով է։
Պոլսոյ Սարիյէր շրջանին մէջ բնակող Մեհմեթ Փոլաթը, հազի, տկարութեան եւ քաշի կորստի պատճառով դիմեց Շիշլի Համիդիյէ Էթֆալ Կրթական եւ Հետազօտական Հիւանդանոց։ Կրծքավանդակի Վիրաբուժութեան մասնագէտ Դոց. Դր. Օնուր Տերդիյոքի եւ անոր խումբի ուսումնասիրութեամբ աջ թոքին մէջ կասկածելի օջախ նշմարուեցաւ։
Տերդիյոքի փոխանցումով՝ մօտաւորապէս երկու շաբաթուան ընթացքին եօթ քիլո կորցուցած հիւանդին մօտ բուժումով վարակի նշանները թուլացան, սակայն պատկերային հետազօտութիւններով լեզիոնը շարունակեց երեւիլ։ Բրոնխոսկոպիայով եւ առաջադրեալ քննութիւններով վերջնական diagnozին չհասնիլէ ետք, խորհրդի որոշումով վիրահատութիւն ծրագրվեցաւ։
Յուլիսի եօթին տեսանիով օժանդակուած կրծքավանդակի վիրաբուժութեան մեթոտով (ՎԱԹՍ) կատարուած գործողութեան ընթացքին շտապ պատոլոգիական զննութիւնը ցոյց տուաւ որ հիւսուածքը քաղցկեղային չէ։ Կասկածելի երեւոյթը պարզուեցաւ թէ մօտաւորապէս կէս սանտիմեթրանոց ոսկորի կտորին շուրջ առաջացած գրանուլացիոն հիւսուածք է։ Ոսկորը եւ շրջապատող հիւսուածքը հեռացուեցան, բրոնխը նորոգուեցաւ։
Տերդիյոքը նշեց որ ոսկորի կտորը կրնար ուտելու ժամանակ շնչուղիին մէջ անցած ըլլալ։ Ան ըսաւ որ վիրահատութենէն ետք հիւանդին գանգատները վերացան եւ սկսաւ կրկին քաշ առնել։ Ան շեշտեց թէ թոքին մէջ տեսնուող իւրաքանչիւր լեզիոն քաղցկեղ չի նշանակեր, եւ ուշադրութիւն հրաւիրեց որ կարեւոր է տարբեր հաւանականութիւններ գնահատել. չանցնող հազը, կրկնուող ջերմը եւ անբացատրելի քաշի կորուստը պէտք չէ անտեսել։
Անցուցածը պատմելով Փոլաթը իր զգացումները փոխանցեց այսպէս. Ես ոսկորը սիրող մէկն եմ, շատ ալ չզարմացուց զիս, բայց այսուհետ քիչ մը դժուար կ՛ուտեմ։
Դոց. Դր .Օնուր Տերդիյոք
Շիշլի Համիդիյէ Էթֆալ Կրթական եւ Հետազօտական Հիւանդանոցին մէջ յաջողութեամբ իրականացուցած օրկանպահ վիրահատութիւններուս լրատուամիջոցներուն մէջ լուր դառնալը մեզի ուրախութիւն է պատճառեր։
Երբեմն ճիշտ diagnozը եւ ճիշտ վիրաբուժական մօտեցումը կրնան հիւանդը պաշտպանել մեծ վիրահատութենէ եւ թոքային հիւսուածքի կորուստէ…
Քառասուն մէկ տարեկան հիւանդս, եւս երկար ժամանակ շարունակուած գանգատներուն պատճառով դիմեց մեր կլինիքա։ Կատարուած մանրամասն գնահատումներու, ՓԷԹ֊ԲԹ եւ բրոնխոսկոպիայի արդիւնքով մտածուեցաւ որ թոքերու շնչուղիներէն մէկուն մէջ կրնայ եղած ըլլալ օտար մարմին։
Փակ եղանակով իրականացուցած մեր վիրահատութեան ընթացքին, թոքի շնչուղի հանդիսացող բրոնխը վերահսկուած ձեւով բացինք եւ անոր մէջ տեղաւորուած ոսկորի կտորը հանեցինք։
Ասով, հիւանդ որ կը կարծուէր թէ վնասուած է՝ թոքի մարմլուր լոուբի ամբողջական հեռացումն այլեւս անհրաժեշտ չեղաւ։ Պաշտպանելով հիւանդիս առողջ թոքային հիւսուածքը՝ աւելի սահմանափակ վիրաբուժական միջամտութեամբ անոր բուժումը ամբողջացուցինք։