
Եշիլքյօյի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մուղաննիներու խումբը եւ Սահակ Մեսրոպ Երգչախումբի երիտասարդ անդամները մասնակցեցան Կումքափայի Դիշ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցիի Սուրբ Պատարագ արարողութեան։
Կումքափայի Դիշ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցիին մէջ բազմաձայն Սուրբ Պատարագ կատարուեցաւ։ Արարողութեան Եշիլքյօյի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մուղաննիներու խումբը, ինչպէս նաեւ Սահակ Մեսրոպ Երգչախումբի երիտասարդ կազմը իրենց շարականներով ուղեկցեցին։