Երեխաներու առաջին հանդիպումը՝ Հոկտեմբեր 3-ին
Մարալի երեխաներու խումբի աշխատանքները կը սկսին Հոկտեմբեր 3 Շաբաթ, ժամը 13.00-ին, Շիշլիի Կարագոզեան Վարժարանի Դահլիճին մէջ։ Խումբը իր յայտարարութեան մէջ բաժնեկցեցաւ փոքրիկ պարողներուն հետ դարձեալ հանդիպելու ոգեւորութիւնը՝ շեշտելով նոր շրջանին միասնաբար սորվելու եւ գեղեցիկ յուշեր կուտակելու կարեւորութիւնը։
Աշխատանքներուն հիւրընկալութիւն գործող Կարագոզեան Վաքըֆի Վարչութեանը եւս յայտնուեցաւ շնորհակալութիւն՝ աջակցութեան եւ մասնակցութեան համար։
Մեծ խումբը՝ նորոգուած Ֆէրիքէյի դահլիճին մէջ
16 տարեկան եւ աւելի մասնակիցներուն բաց մեծ խումբը նոր շրջանի առաջին աշխատանքը պիտի իրականացնէ Հոկտեմբեր 4 Կիրակի, ժամը 13.30-ին, նորոգուած Ֆէրիքէյ Վարժարանի Դահլիճին մէջ։
Նախապէս պարային փորձառութիւն ունեցողներուն կողքին՝ նաեւ առաջին անգամ պար սկսիլ ուզողները կրնան միանալ աշխատանքներուն։ Մարալ ՄԴԹ-ն նոր շրջանին խումբին հիւրընկալող Ֆէրիքէյ Վաքըֆի Վարչութեանը յայտնեց շնորհակալութիւն իր աջակցութիւններուն համար։
Տեղեկատուութիւն եւ գրանցում
Նոր շրջանի աշխատանքներուն միանալու եւ գրանցումի մասին տեղեկութիւն ստանալու ցանկացողները կրնան կապ հաստատել խումբին հետ՝ 0532 245 37 80 եւ 0532 421 33 04 հեռաձայնային համարներով։ Թարմ յայտարարութիւնները կարելի է հետեւիլ Մարալ ՄԴԹ-ի Ինստագրամ եւ Ֆէյսբուք հաշիւներուն մէջ։