

29 Հոկտեմբեր Հանրապետութեան Տօնին առիթով կազմակերպուած դպրոցական միջոցառման ընթացքին, Հանրապետութեան 103-ամեակը հպարտութեամբ եւ խանդավառութեամբ տօնուեցաւ։ Երգչախումբերուն ներկայացուցած ստեղծագործութիւնները եւ աշակերտներուն կարդացած բանաստեղծութիւնները ծրագիրին գունաւորութիւն տուին։
«Լեւոն Վարդուհեան»-ի սոցիալական մեդիայի հաշուէն տարածուած տօնակատարութեան մասին հաղորդագրութեան մէջ, աշակերտներու յուզմունքն ու տօնական խանդավառութիւնը առանձնացան։ Տեղադրուած գրութեան մէջ նշուած էր. «Մեր Հանրապետութեան լոյսով՝ ապագային յոյսով կը նայինք»։