
Ուսուցիչի ասպարէզէն հեռացած ըլլալը տարիներու ընթացքին ստեղծուած բարեկամութիւններուն հրաժեշտի համազօր չէ։ Ուսուցիչներու Միութիւնը, այս զգացումով, այս տարի եւս մեր համայնքի թոշակառու կրթութեան գործիչները աւանդական նախաճաշի սեղաններուն շուրջ համախմբելով անոնց միասին հաճելի առաւօտ մը անցընելու հնարաւորութիւն ընձեռեց։
Հանդիպումը կայացաւ Նիշանթաշի «Լոտուս» Առեւտրի Կեդրոնի «Յիւզդէ» ճաշարանին մէջ։ Միութեան վարչութեան անդամները ջերմօրէն դիմաւորեցին իրենց հին գործակիցները։ Սեղաններուն շուրջ շուտով անկեղծ զրոյցներ սկսան. դպրոցական տարիներու յիշատակները կենդանացան, յիշուեցան հին գործակիցներ, աշակերտներ եւ ուսուցչական կեանքէն հատուածներ։
Նախաճաշին ընթացքին պաշտօնական ծիր կամ խօսքեր տեղի չունեցան։ Կազմակերպիչներուն նպատակը այն էր, որ տարիներ շարունակ հայկական երիտասարդ սերունդներու կրթութեան ծառայած ուսուցիչները դարձեալ կարողանան հանդիպիլ, զրուցել եւ վայելել իրար ընկերակցութիւնը՝ հանգիստ ու ջերմ միջավայրի մէջ։
Նախագահ Լորի Գիւլպէնկի գլխաւորութեամբ Ուսուցիչներու Միութեան վարչութիւնը եւ վարչութեան անդամները՝ Շնորհիկ Զօրւարեան, Մատլէն Թօրաման, Սրբուհի Հաֆիտու, Նատիա Էշմեզօղլու, Նուվարթ Սիանոսեան եւ Գոհար Սայաչեան, ուշադրութեամբ հոգացին էին, որ հիւրերը հաճելի ժամեր անցընեն։
Քաղցր եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումը փակուեցաւ ջերմ հրաժեշտներով եւ յաջորդ առիթով նոր հանդիպումի ակնկալիքով։
Նաեւ յիշեցնենք, որ միջոցառման ծախսերը հոգացուեցան Ուսուցիչներու Վաքըֆին կողմէ։