Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի եւ Դր. Հակոբ Այնթապլեանի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արեւմտահայերէնի առջեւ կանգնած խնդիրները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Արքեպիսկոպոս Սահակ Բ. Մաշալեան ընդունեց Պոլիս այցելող սփիւռքահայ մտաւորական Դր. Հակոբ Այնթապլեանին։ Այցի ժամանակ Այնթապլեանին կ՚ուղեկցէին Վահագն Զաքարեան եւ Արսէն Զաքարեան։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանին Հրատարակութեան եւ Տեղեկատուութեան բաժիններու պատասխանատու Վարդապետ Յովագիմ Սէրոփեան։ Հանդիպումը կայացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակութիւն՝ Այնթապլեանի աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւող Արեւմտահայերէնի արդի եւ շտապ խնդիրներուն շուրջ։
Այցի աւարտին Դր. Հակոբ Այնթապլեան վերջերս լոյս տեսած «Սանա Գելիյորում» անուանումով բանաստեղծական գիրքը ընծայեց Պատրիարքին։