
Սթամբուլի թատերական յիշողութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւող Մուամմէր Քարաջա Թատրոնը 14 տարուան ընդմիջումէն ետք դարձեալ սկսաւ հիւրընկալել իր հանդիսատեսը։ 2012-էն ի վեր փակ Պէյօղլուի այս շէնքը, Սթամբուլի Մեծ Քաղաքապետարանի իրականացուցած վերականգնումով կրկին միացաւ մշակոյթի եւ արուեստի կեանքին։
1955-ին Մուամմէր Քարաջայի կողմէ բացուած թատրոնը տարիներու ընթացքին հիւրընկալեց բազմաթիւ արուեստագէտներ, որոնց մէջ էին Գիւլրիզ Սուրուրի, Ադիլէ Նաշիթ, Միւշֆիք եւ Յըլդըզ Քենթեր, ինչպէս նաեւ Ճենճո Էրքալ։ Հալդուն Թանէրի «Քեշանլը Ալի Դեսթանը» առաջին անգամ այս բեմին վրայ հանդիպեց հանդիսատեսին, իսկ «Ջիբալի Կարաքոլը» մօտաւորապէս 4 հազար ներկայացման հասնելով՝ զբաղեցուց թատրոնի անցեալին առանձնայատուկ տեղ մը.
ԻԲԲ-ի նախագահի տեղակալ Նուրի Ասլանի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած բացման արարողութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ թատրոնի անցեալը պատմող վաւերագրական ֆիլմ մը։ Մուամմէր Քարաջայի առաջին բացման ընթացքին իր կատարած խօսքը կրկին փոխանցուեցաւ հրաւիրեալներուն։ Ասլան նշեց, թէ նորոգուած բեմով նպատակ ունին դաշտ բացել երիտասարդ թատրոնականներու եւ անկախ խումբերու համար։
Ճենճո Էրքալի դուստրը. “Աս տեղը հօրս համար անձնական հարց մըն էր”
Բացման արարողութեան խօսք առած Այշէ Էրքալը պատմեց, որ իր հայրը՝ Ճենճո Էրքալ, իր մասնագիտական արուեստական կեանքը 22 տարեկանին սկսած է այս թատրոնին մէջ։ Նշելով, որ բեմի փակ մնալը իր հօրը կը տխրեցնէր՝ Էրքալը յայտնեց իր գոհունակութիւնը, որ թէեւ ինք չկարեցաւ տեսնել վերաբացումը, թատրոնի նորէն արուեստագէտներու հետ հանդիպումը իրեն ուրախութիւն պարգեւեց։
Վերականգնման ծիրին մէջ պատմական շէնքի բնիկ յատկութիւնները պահպանուեցան, մինչ տեխնիկական ենթակառոյցը թարմացուեցաւ։ 300 տեղանի գլխաւոր սրահէն զատ, ստեղծուեցան փորձերու եւ արհեստարաններու տարածքներ, իսկ 19-րդ դարուէն մնացած չորս յարկանի քարէ բաժինը դասաւորուեցաւ որպէս «Թատրոնի Տուն»։ Տարածքը նոր շրջանին մէջ նախատեսուած է հիւրընկալելու անկախ թատրոններու ներկայացումներուն եւ տարբեր մշակութային-արուեստական նախաձեռնութիւններուն։
Մէնգիւ Էրտելի թատերական աշխատանքները ցուցադրութեան
Բացումին ընկերակցեց նաեւ պաստառի արուեստագէտ Մէնգիւ Էրտելի աշխատանքները համախմբող «Մէնգիւ Էրտելի Թատրոնի Տիեզերքը» ցուցադրութիւնը։ Պաստառներու, բեմի եւ հանդերձանքի ձեւաւորումներու, էսքիզներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու կողքին, ցուցադրութեան մէջ կան նաեւ «Քեշանլը Ալի Դեսթանը»ի համար պատրաստուած աշխատանքներ։
Ցուցադրութիւնը 21 Յունուար 2027-ը մինչեւ, երկուշաբթի օրերէն բացի, ժամը 10.00–19.00-ի միջեւ կարելի է անվճար այցելել Մուամմէր Քարաջա Թատրոնին մէջ։