Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 10:01 Երեւան 11:01
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Երիտասարդ Ձայն

Պէզճեանին մէջ Աթաթիւրքը յարգանքով, կարօտով եւ երախտագիտութեամբ յիշատակուեցաւ

Պէզճեանին մէջ Աթաթիւրքը յարգանքով, կարօտով եւ երախտագիտութեամբ յիշատակուեցաւ

Յատուկ Պէզճեան Հայ Նախակրթարան եւ Միջնակրթարանին մէջ, Հանրապետութեան հիմնադիր Ղազի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք, իր մահուան ութսուն ուութերորդ տարելիցին կազմակերպուած արարողութեամբ յիշատակուեցաւ։

Նոյեմբեր տասին կատարուած արարողութեան ընթացքին, ժամը իննէն հինգ րոպէ անց յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ։ Աշակերտներուն պատրաստած բանաստեղծութիւններով եւ ներկայացումներով Աթաթիւրքի գաղափարները եւ Հանրապետութեան հիմնարար արժէքները յիշուեցան։

Դպրոցի սոցիալական ցանցի հաշիւէն կատարուած հրապարակման մէջ, Աթաթիւրքի հանդէպ զգացուող սէրը, կարօտը եւ երախտագիտութիւնը արտայայտուեցան, եւ շեշտուեցաւ, թէ անոր գաղափարները կը շարունակեն ուղեցոյց հանդիսանալ։