ՓԼՅԴ Վարչական Խորհուրդը, Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթոլիկ Հոգեւոր Առաջնորդ Քերաբայձար Տէր Վարդան Կազանճեանին այցելելով, միութեան համերգով իրականացուելիք շրջանի բացմանը հրաւիրեց։
Միութեան հրապարակման համաձայն՝ վարչութեան անդամները այցելութեան ընթացքին Կազանճեանին փոխանցեցին իրենց հրաւէրը նոր շրջանի բացման համար։
Շրջանի բացումը պիտի իրականացուի 24 Ակտօբեր 2026, Շաբաթ օր, ժամը 17.00-ին, Պանքալթի Հայ Վարժարանի «Անարատ Յղութեան» Եկեղեցիին մէջ կայանալիք համերգով։
Այցելութենէն եւ հրաւէրէն ունեցած գոհունակութիւնը արտայայտելով՝ Քերաբայձար Տէր Վարդան Կազանճեան յայտնեց, թէ պիտի մասնակցի միջոցառման։