Թաքսիմ Սփօր Ակումբի Ա ֆութպոլ խումբը, սեզոնի բացման հանդիպումին դէմ յանդիման եկաւ Սիւթլիւճէ Սփօրին հետ։ Մրցումէն հեռացաւ յաղթանակով Թաքսիմ Սփօրը, եւ առաջին շաբաթը աւարտեց երեք միաւորով։ Սեզոնի առաջին քննութիւնը շահելով անցնող խումբը, լիգի մարաթոնը սկսաւ դրական սկիզբով։
Պայքար պիտի տանէ 4-րդ Խումբին մէջ
Թաքսիմ Սփօրը, 2026–2027 սեզոնին կը գտնուի Իսթամբուլ 1. Ամաթէր Լիգի 4-րդ Խումբին մէջ։ Տասը խումբ պարունակող այս խմբակին մէջ Թաքսիմ Սփօրի մրցակիցներն են՝ Այազաղա Էսէնսփօր, Բաղջըլար Իստոչ Սփօր, Ֆլօրիա Աս Սփօր, Քըդըրգա, Մուրաթփաշասփօր, Սիւթլիւճէսփօր, Յահյա Քեմալ Սփօր, Եշիլօվա Էսնաֆ Սփօր եւ Զէյթինբուռնու Եշիլթէփէսփօր։
Սիւթլիւճէ Սփօրի դէմ ձեռք բերուած յաղթանակը Թաքսիմ Սփօրի՝ ամբողջ սեզոնին այս մրցակիցներուն հետ պիտի շարունակուի պայքարին առաջին քայլը եղաւ։ Առաջին խաղին մէջ միաւոր չկորսնցուցած խումբը, յաջորդ շաբաթներուն պիտի պատրաստուի իր առաջին յաղթանակէն ստացած բարոյականով։

