Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 10:01 Երեւան 11:01
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Երիտասարդ Ձայն

Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ Աթաթիւրքը յարգանքով եւ կարօտով յիշուեցաւ

Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ Աթաթիւրքը յարգանքով եւ կարօտով յիշուեցաւ

Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ, Ղազի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 88-րդ տարելիցին առիթով յիշատակի արարողութիւն կատարուեցաւ։

Նոյեմբերի 10-ի առիթով կատարուած արարողութեան ընթացքին Աթաթիւրքը յարգանքով, սիրով եւ կարօտով յիշուեցաւ։ Դպրոցի հրապարակումին մէջ ընդգծուեցաւ բանականութեան եւ գիտութեան առաջնորդութեամբ առաջադիմելու եւ Հանրապետութիւնը ապագային տանելու վճռակամութիւնը։

Աթաթիւրքի թողած ժառանգութեան տէր կանգնելու պատասխանատուութիւնը արտայայտող հրապարակումը աւարտուեցաւ «Աթա՛մ, քու ուղիիդ վրայ ենք, գործերուդ պահապանն ենք» բառերով։