
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. մասնակցեցաւ Սանտ Էջիդիո Համայնքի կողմէ Իտալիոյ մէջ կազմակերպուած միջազգային խաղաղութեան հաւաքին։ «Անզէն եւ զինաթափեցնող խաղաղութիւն» խորագիրով իրականացուած նախաձեռնութիւնը տարբեր հաւատքներէ ներկայացուցիչներու կը համախմբէ՝ երկխօսութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան նպատակով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. խաղաղութեան հանդիպումին եւ միասնական աղօթքի ծրագրին մասնակցելու համար Հոկտեմբեր 24 Շաբաթ օրը մեկնեց Հռոմ։ Պատրիարքին ճամբորդութեան ընթացքին կը կողկինէր Տէր Դրթատ Ուզունեան։
Այցի ծիրին մէջ Պատրիարք Սահակ Բ. Հոկտեմբեր 25 Կիրակի օրը մասնակցեցաւ արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ասիզիի մօտ գտնվող Բասթիա Ումբրա վայրի UmbriaFiere կեդրոնին մէջ։ Մօտ չորս հազար մասնակցութեամբ արարողութիւնը նախագահեց Կոնգոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան Քինշասայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ֆրիդոլին Ամբոնգո Բեսունգու։ Պատրիարքը արարողութենէն ետք առիթ ունեցաւ հանդիպելու Կարդինալ Ամբոնգոյի հետ։
Ասիզիի մէջ 40 տարիէ ետք կրկին խաղաղութեան կոչ
Սանտ Էջիդիո Համայնքի կողմէ Հոկտեմբեր 25–27, 2026 թուականներուն կազմակերպուած հաւաքը կը յիշէ Պապ Յովհաննէս Պողոս Բ.-ի նախաձեռնութեամբ 1986-ին Ասիզիի մէջ տարբեր կրօններու առաջնորդները մէկտեղած պատմական «Խաղաղութեան համար Աղօթքի Օր»-ու 40-ամեակը։
«Անզէն եւ զինաթափեցնող խաղաղութիւն» թեմայով պատրաստուած ծրագրին կը մասնակցին տարբեր եկեղեցիներէ եւ կրօններէ ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ, մշակութային աշխարհի դէմքեր եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։ Հանդիպումներէն եւ աղօթական նախաձեռնութիւններէն միջոցով նպատակաւորուած է պատերազմներու դիմաց երկխօսութեան զօրացումը եւ ընդհանուր խաղաղութեան կամքի ձեւաւորումը։
1986-ի հաւաքէն ի վեր Սանտ Էջիդիո Համայնքի շարունակած միջազգային հանդիպումները տարիներու ընթացքին իրականացուած են տարբեր քաղաքներու մէջ։ Քառասունամեակին Ասիզիի վերադարձող այս նախաձեռնութիւնը կը շեշտէ, որ տարբեր հաւատքներ եւ մշակոյթներ կրնան միասին պատասխանատուութիւն ստանձնել խաղաղութեան հաստատման մէջ։
Սպասուում է, որ Պատրիարք Սահակ Բ. ծրագրին աւարտէն ետք Հոկտեմբեր 28 Չորեքշաբթի օրը վերադառնայ Պոլիս։