Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 10:00 Երեւան 11:00
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Հեղինակներ

Մարդկութեան Աստիճանը

Մարդկութեան Աստիճանը

Միթէ ձուկերը կը նսեմացնե՞ն մեզ մեր լողալու կարողութիւններուն համար։ Թռչիլ չկարենալուս համար թռչունները մեզ կը արհամարհե՞ն։ Իհարկե՝ ոչ։ Քանզի թէ՛ լողալը եւ թէ՛ թռչելը անոնց բնութենէն նուէր ստացած ընդունակութիւններ են. վաստակուած յաղթանակ մը չէ։

Մինչդեռ մենք կը կարծենք, թէ մարդ ըլլալը ձեռք բերուած կոչում մըն է։ Քանի որ կրակը ընտելացուցած, գրութիւնը հնարած եւ քաղաքակրթութիւններ ստեղծած կարող եղած ենք, կը հաւատանք թէ կենդանականութիւնը ետ ձգած ենք եւ հասած գոյութեան սրբացուած մակարդակի մը։ Բայց ընդունինք՝ մարդ ըլլալու համար որեւէ ճիգ չենք թափած. մարդ ծնած ենք։ Մի տեսակի, ազգի, ընտանիքի կամ հարստութեան մէջ ծնիլը պարծանքի առիթ չի կրնար ըլլալ։ Մարդ ըլլալն ալ աշխատանքով հասնելիք աստիճան մը չէ, այլ միայն տեսակէ մը անդամ ըլլալն է։

Ապա ինչո՞ւ միշտ մեզ կ՛դնենք կշեռքի միւս նժարին։

Ձկներուն մօտ մարդիկուն նման սերէպրալ կորթեքս չլինելէ ելլելով՝ պնդել, թէ անոնք չեն կրնար ցաւ զգալ, տիպիկ օրինակ մըն է այն բանի, որ մարդը իր կենսաբանութիւնը կը համարի համընդհանուր չափանիշ։ Ցաւը կարծես միայն այն ատեն իրական է, երբ կը փորձուի մեր գիտցած ձեւով, իսկ գիտակցութիւնը՝ միայն այն ատեն գոյութիւն ունի, երբ կը դիտուի մեր ճանչցած կերպով։ Մարդը որքան վսեմացնէ իր յատկանիշները՝ այնքան կը սրբացնէ իր եւ միւս կենդանիներուն միջեւ բաժանումը։ Ապա սրբութիւնը ի՞նչի վրայ կը հիմնուի։

Ինչո՞ւ ձուկ մը սուրբ չէ։ Որովհետեւ պատմութեան ընթացքին մեր հաւատացած Աստուածները ընտրեցին մեր հետ հաղորդակցիլ։ Մեզ ընտրեցին։ Եւ մենք ալ, նոյնպէս ինչպէս ծնողքին ուշադրութիւնը ոչ ոքի հետ բաժնել չուզող երեխաները, մեզ դրինք բոլոր պատմութիւններու կեդրոնին մէջ։

Մինչդեռ աշխարհը իմաստաւորելու հնարք տուող մեր միտքը պէտք է նաեւ մեր դատումներներէն կասկածելու ընթացքը դարձնէ պարտականութիւն։ Դատելու կարողութիւնը մեզ աւելի արտօնեա՞լ կ՛ընէ, թէ՞ այդ կարողութիւնը արտօնութեան փոխարէն մեծ պատասխանատուութիւն մըն է։

Այս պատասխանատուութեան ներքեւ ճնշուիլը, մարդկային փորձառութիւնը չափանիշ համարելն ու կարծել, թէ աշխարհի մնացորդին հետ մեր մէջ հիերարխիա մը կայ, մեր անգիտութիւնը գերազանցութեան քողի տակ ծածկել է։ Այլ կենդանիներու թերութիւնները քննարկելու փոխարէն պէտք է դիմացենք մեր ըմբռնման սահմաններուն եւ ընդունինք, որ կրնան գոյութիւն ունենալ փորձառութիւններ, որոնց մեր զգայարանները չեն կրնար հասնիլ։

Մեր ձեռքի միջոցները պէտք է ըլլան ոչ թէ աշխարհին իշխելու մեր ցանկութեան, այլ անոր հետ միասին գոյութիւն ունենալու մեր ջանքի գործիքները։ Ապա միայն այս ճանապարհով կրնանք խօսիլ վաստակուած աստիճանի մը մասին։